Ընկեր Ահարոն Շխրտմեան,Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց ոգին պիտի շարունակէ հպարտութեամբ լեցնել իւրաքանչիւր հայրենասէր հայու սիրտը - Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց ոգին պիտի շարունակէ հպարտութեամբ լեցնել իւրաքանչիւր հայրենասէր հայու սիրտը

Ընկեր Ահարոն Շխրտմեան,Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց ոգին պիտի շարունակէ հպարտութեամբ լեցնել իւրաքանչիւր հայրենասէր հայու սիրտը - Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց ոգին պիտի շարունակէ հպարտութեամբ լեցնել իւրաքանչիւր հայրենասէր հայու սիրտը
shadow
Պիտի յիշենք Վարդանանց նահատակները, մեր բոլոր հերոսները: Կառչած պիտի մնանք մեր ազգային արժէքներուն, հաւատքին եւ հողին: Պիտի զօրացնենք մեր նորանկախ պետութիւնը, հայրենիքի անվտանգութիւնը պաշտպանելու պատրաստ ազգային բանակը:
Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց ոգին պիտի շարունակէ հպարտութեամբ լեցնել իւրաքանչիւր հայրենասէր հայու սիրտը:
Փա՜ռք Վարդաններու ծնունդ տուող հայ ժողովուրդին:

Aharon Shekerdemian Writes on facebook

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՒ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՈԳԻՆ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՄԲ ԼԵՑՆԵԼ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ ՀԱՅՈՒ ՍԻՐՏԸ

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Վարդանանց հերոսամարտը առյաւէտ պիտի մնայ հայոց պատմութեան ազգապանծ էջերէն մէկը: Հայ ժողովուրդը միշտ ալ հպարտութեամբ ոգեկոչած է Վարդանանց յիշատակը: Աւարայրի հերոսամարտը դարեր շարունակ ոգեշնչած է սերունդներ:

Աւանդութեան համաձայն, հայ ժողովուրդը այս օրերուն կ՛ոգեկոչէ Սահակ հայրապետի, Ղեւոնդեանց քահանայից, Սուրբ Վարդան զօրավարի եւ հազար երեսունվեց նահատակներուն յիշատակը:Վարդանանցը ազգային- քաղաքական առաքինութեան ուղիներ պատգամած է հայ ժողովուրդին:

Հայ ժողովուրդը միշտ արժեւորած է իր ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ եւ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ արժէքները, եւ պիտի պահպանէ ժառանգած աւանդութիւնները, յատկապէս այ՛ս օրերուն, երբ «իրական Հայաստան»ի տեսաբաններ յայտնուած են քիչ մը ամէն տեղ: Այ՛ս օրերուն, երբ Հայաստանի վարչապետը Ազգային ժողովէն կը խնդրէ բացատրել «պատմական յիշողութեան վերականգնում» եզրին իմաստը...: Այ՛ս օրերուն, երբ ազգակործան պատուհասը կը հեգնէ հայ ժողովուրդին հոգեւոր եւ բարոյական արժէքները: Անձ մը, որ Համաշխարհային Հայկական Գագաթնաժողովի ընթացքին խօսք առնելով (սեպտեմբեր 2024), «կայսերական հայրենասիրութիւն» նուաստացուցիչ գնահատականը կու տայ յանուն հայրենիքի ազատութեան, անկախութեան մեր ժողովուրդին մղած դարաւոր գոյապայքարին:

Աւանդութիւններու ոտնահարումը հասած է մակարդակի մը, ուր ոմանք հայրենիքի մէջ խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն Վարդանանց խորհուրդը: Ոմանք մինչեւ իսկ կը մերժեն Վարդանի եւ անոր հետ 1036 զինակիցներուն նահատակութեան փաստը: Ուրիշներու համար հարց է՝ Վարդան Մամիկոնեան կամա՞յ, թէ՞ ակամայ ինկած է մարտի դաշտին մէջ...:

Այդպիսիներուն կ՛ըսենք՝ հայրենասիրութիւնը, հայրենիքի, հոգեւոր արժէքներու,ազատութեան եւ անկախութեան համար պայքարը կարմիր թելի նման անցած է հայ ժողովուրդի պատմութեան ընդմէջէն, հազարամեակներով՝ Հայկ նահապետէն մինչեւ մեր ժամանակները:

Վարդանանց ոգին մեծ լուսարձակի նման լուսաւորած է հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի ուղին 5-րդ դարէն մինչեւ մեր այսօրը եւ վաղը:

Վարդանանցը մեր ժողովուրդի մեծագոյն պայքարն էր՝ ոտքի կենալու իբրեւ ազգային անհատականութիւն, գրիչով եւ սուրով, լեզուով, եկեղեցիով եւ մշակոյթով:

Քաջարի եւ հայրենասէր մարտիկներու Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց պայծառ կերպարները սերունդներ խանդավառած են՝ պայքարելու յանուն հայրենիքի ազատութեան, յանուն մեր նախնեաց հաւատի, յանուն մեր ազգային եւ հոգեւոր արժէքներուն: Այդ ոգիով մեր ժողովուրդը իջաւ Աւարայր,այն ազնիւ զգացումով, որ անփառունակ կեանքէն շատ աւելի փառաւոր էր հերոսական մահը: Լաւ էր մահանալ սուրը ձեռքին՝ պատերազմի դաշտերուն մէջ, քան սողալ անարգ թշնամիի ոտքերուն տակ:

Աւարայրի մէջ արիւն թափող հայ ժողովուրդը շատ լաւ կը հասկնար, թէ ինչո՞ւ կը կռուէր: Բռնակալութիւնը կը հարուածէր բոլորին, ե՛ւ ժողովուրդին, ե՛ւ եկեղեցիին, ռամիկին եւ նախարարին: Համայն ժողովուրդը ներշնչուած էր բարձր հայրենասիրութեամբ: Անոր մէջ կցորդուած էր հայրենիքի սէրը եւ հաւատքի նուիրուածութիւնը:

Աւարայրը մարտահրաւէր էր պարսից բռնակալութեան դէմ, յանուն ազատութեան, յանուն հայրենիքի գաղափարի, յանուն հաւատքի: Աւարայրի մէջ կռուող գլխաւոր ուժը հոգեպէս քաջարի հայ ժողովուրդն էր: Ռամիկ ժողովուրդը սեփական ձեռքերուն մէջ վերցուցած էր հայրենիքին ճակատագիրը:

Վարդանի եւ 1036 քաջերու մահով, պատմութեան վարագոյրը իջաւ Աւարայրի վրայ..: Յետագայ դարերուն մեր հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին վրայ եկան ու անցան բազմաթիւ արհաւիրքներ: Բազմաթիւ ժողովուրդներ հեռացան պատմութեան բեմէն, սակայն ապրելու, յարատեւելու յամառ կամքով լեցուած ազատասէր հայ ժողովուրդը, պահեց իր գոյութիւնը:

Իւրաքանչիւր անգամ, երբ օտար բռնակալներ փորձած են ձեռք բարձրացնել հայ ժողովուրդի ազատութեան դէմ, Վարդանանց կերպարը խանդավառած է հայ սերունդները՝ դարձեալ մարտի դուրս գալու՝ վճռելու հայրենիքի ճակատագիրը: Վարդանանցը հայրենասիրութեան, խիզախութեան խորհրդանշան հանդիսացաւ:

Վարդանանցը չաւարտեցաւ Աւարայրի մէջ: Աւարայրի հերոսամարտը նկարագրող Եղիշէն չի խօսիր պարտութեան մասին: Ըստ Եղիշէի, երեկոյեան, մթննալէ ետք կողմերը կը վերադառնան իրենց դիրքերը: Հայոց բանակը չէր պարտուած: Հայկական բանակը կատարած էր իր քաջ Սպարապետին հրահանգը՝ թշնամին արիւնաքամ դարձած էր:

Աւարայրի հերոսամարտը շարունակուեցաւ մինչեւ հինգերորդ դարու աւարտը Վահան Մամիկոնեանի ղեկավարութեամբ եւ յաղթանակով պսակուեցաւ:

Աւարայրը ամրապնդեց հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական ոգին եւ այդ ամրապինդ ոգիին պահպանումն ու փոխանցումը մե՛ր ձեռքն է այսօր՝ իբրեւ հաւաքականութիւն:

Վերջապէս ի՞նչ է Վարդանանց հերոսամարտը եւ անկէ անբաժան Վահանեաց պատերազմներուն խորհուրդը, եթէ հայ ժողովուրդը այսօր պիտի չապրի իբրեւ ազգային հաւաքականութիւն իր իւրայատուկ դէմքով: Ձուլուի եւ անհետանայ, ինչպէս վտակը՝ գետին մէջ:

Վարդանանց հերոսամարտը նաեւ խորանն է մեր հայրենական եւ ազգային իրականութեան մէջ գործող անհատներուն եւ հաւաքականութիւններուն, որոնք անձնական ու ժամանակաւոր փառասիրութիւններէն շլացած, նոր արկածախնդրութիւններու կը մղեն ժողովուրդն ու հայրենիքը: Անոնք անկասկած պիտի կրեն Վասակի անունը, բիւր անգամ աւելի անիծուած, քան Բարձրեալին միակ որդին մատնող Յուդան:

Պատմութիւնը ուղեցոյց է լաւապէս ուսումնասիրելու մեր նախնիներուն քայլերը, դասեր քաղելու՝ անձնական եւ հաւաքական կեանքի համար: Պիտի պահպանենք մեր ազգային աւանդութիւնները: Պիտի շարունակենք հողային պահանջատիրութեան մեր պայքարը: Պիտի յիշենք Վարդանանց նահատակները, մեր բոլոր հերոսները: Կառչած պիտի մնանք մեր ազգային արժէքներուն, հաւատքին եւ հողին: Պիտի զօրացնենք մեր նորանկախ պետութիւնը, հայրենիքի անվտանգութիւնը պաշտպանելու պատրաստ ազգային բանակը:

Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց ոգին պիտի շարունակէ հպարտութեամբ լեցնել իւրաքանչիւր հայրենասէր հայու սիրտը:

Փա՜ռք Վարդաններու ծնունդ տուող հայ ժողովուրդին:

Related to category Politics

Related to subcategory Armenian Diaspora

Comment on Facebook

Comment on Disqus